2014-11-23 09:46:21

Կարդինալ Փարոլինը կը քաջալերէ քրիստոնեաները` Եւրոպայի ցամաքամասին ''ոգի'' մը ներշնչելու։


(Ռ.Վ. 23 նոյեմբեր 2014) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Սդրազպուրկ կատարելիք այցելութեան առթիւ, Վատիկանի Պետքարտուղար` Կարդինալ Փարոլին, Վատիկանի ''CTV'' հեռուստակայանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին քաջալերեց քրիստոնեաները սատարելու Եւրոպայի կառուցումին ու հրաւիրեց` Եւրոպային ներշնչել ''ոգի'' մը։
Կարդինալը յայտնեց թէ` շատ անգամ Եւրոպան նկատուած է պաշտօնակալութեան հեռու մէկ իրականութիւն որ առօրեայ հարցերով չի հետաքրքրուիր, ասոր համար հարկաւոր է - ըսաւ Ան - դաստիարակչական եւ կազմաւորումի աշխատանք մը` նկատի առնելով յատուկօրէն երիտասարդները։
''Եւրոպայի ծրագիրը եթէ ապրուի անոր կեանք տուող հիմնադիրներու հոգիով եւ արժէքներով, տակաւին կարող է, այսօր եւս , պատասխանել Եւրոպան յուզող ներկայի մարտահրաւէրներուն'', հաստատեց Վատիկանի Պետքարտուղարը, կոչ ուղղելով յատուկ ուշադրութիւն եւ զօրակցութիւն դարձնելու երիտասարդներուն, գաղթականներուն, տարեցներուն, հիւանդներուն եւ անկարներուն։
Վատիկանի թիւ մէկ դիւանագէտը ոգեկոչեց ապա Եւրոպայի պատմութիւնը յատկանշող քրիստոնէական արժէքները որոնք շարքին ազատութիւնը, ժողովրդավարութիւնը, հաւասարութիւնը եւ մարդու իրաւունքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.